2015-09-10 14:36:00

Հաղորդագրութիւն` Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Քուէյթի վարչապետը։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրատարակած մէկ հաղորդագրութիւնը նշեց թէ այսօր` 10 սեպտեմբեր 2015-ին,Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաքելական պալատին մէջ ընդունեց Քուէյթի  պետութեան վարչապետ` Նորին Վսեմութիւն Շէյխ Ժապեր Մուպարաք Ալ Համատ Ալ Սապահը, որ ապա հանդիպում ունեցաւ նաեւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիէթրօ Փարոինին  հետ, որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղարը` գերապայծառ Փոլ Կալլակեր։

Սիրալիր խօսակցութիւններու ընթացքին, արծարծուեցան երկու կողմերը հետաքրքրող նիւթեր, որոնց շարքին քրիստոնեայ փոքրամաս հասարակութեան տուած դրական սատարը Քուէյթի  ընկերութեան։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ դաստիարակութեան կարեւորութեան մասին` զարգացնելու համար  յարգանքի մշակոյթն ու ժողովուրդներու եւ կրօններու միջեւ խաղաղ համակեցութիւնը։

Ապա տեղի ունեցաւ համաձայնութեան մը ստուերագրութիւնը մը ընդմէջ Պետական Քարտուղարութեան եւ Քուէյթի Արտ գործ նախարարութեան, որով կողմերը կը նպատակադրեն ամրապնդել երկկողմանի յարաբերութիւնները ի սպաս փոխադարձ համագործակցութեան, խաղաղութեան եւ տարածաշրջանի եւ միջազգային կայունութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.